ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 31-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

«ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ՝ Ի ՍՊԱՍ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾՄԱՆ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն ներս աւանդութիւն դարձած Հայ Գիրքի տարեկան Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Կիրակի 1 Նոյեմբեր 2009-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, Անթիլիաս։ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներու թափօրը, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին,…