Գ.Մ.Գ.Մ.-ի Դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2022-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Մրցանակը կ’ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ, կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր՝ առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:
Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ Հայ Մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը, հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է Դատակազմին ամենէն ուշը հասած ըլլան մինչեւ 30 Յունիս 2022:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ’արժանանան հրատարակութեան:
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ Դատակազմին մաս կը կազմեն՝ Գերշ Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, Տեարք՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Ահարոն Շխրտմեան, Համբիկ Մարտիրոսեան, Պարոյր Աղպաշեան եւ Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան։
Դիւան Գ.Մ.Գ.Մ.-ի
Դատակազմի Դատակազմին հասցէն.-
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O.Box 70317
Antelias – Lebanon
EMail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Ծանօթ: Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր: Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:
Խնդրանք: Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել:
Ցարդ լոյս ընծայուած են հետեւեալ հատորները.-
1.- Մուշեղ Իշխան «Տառապանք» 1968
2.- Հայկ Յովսէփեան «Հարսի կոնդը» 1968
3.- Սոնա Զէյթլեան «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ» 1968
4.- Նշան Պէշիկթաշլեան «Թատերական դէմքեր» 1969
5.- Լ.Գ. Մինասեան «Պատմութիւն Փերիայի հայերի» 1971
6.- Varoujan «Poèmes» 1971
7.- Արամ Հայկազ «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» 1972
8.- Բենիամին Թաշեան «Դեգերումներ Տիրոջ այգիին մէջ» 1972
9.- Յակոբ Օշական «Ծակ պտուկը» 1996
Յակոբ Օշական «Հարիւր մէկ տարուան» 1996
10.- Կոստան Զարեան «Երկեր, Անցորդը եւ իր ճամբան» 1974
11.- Արմանտ «Շքեղ մերկութեամբ» 1974
12.- Մարտիրոս Մինասեան «Գրաբարի գործնական դասընթացք» 1976
13.- Բաբգէն Փափազեան «Թատերագրութեան արուեստը» 1977
14.- Յակոբ Մանուկեան «Անրջական վաղորդայն» 1979
15.- Խմբագիր՝ Պօղոս Սնապեան «Հայաստանի արձակագիրները,Երկու սերունդ» 1980
16.- Արմէն Դարեան «Լեռը եւ տունը» 1982
17.- Նիկողոս Սարաֆեան «Չափածոյ երկեր» 1982
18.- Ս. Ասատրեան «Ապրող կակաչներ» 1985
19.- Ս. Գրիգոր Նարեկացի «Մատեան ողբերգութեան» 1986
20.- Դոկտ. Յ. Հախնազարեան «Գողթան գաւառ» 1987
21.- Վահէ Օշական «Փախստականը» 1987
22.- Կոստան Զարեան «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները» 1987
23.- Ս. Փանոսեան «Զանձն իմ փառաւորեալ» 1989
24.- Վ. Անանեան «Յովազաձորի գերիները» 1989
25.- Եդուարդ Տասնապետեան «Քերականութիւն» 1990
26.- J.M. Thierry «Eglises et Couvents du Karabagh» 1991
27.- Եդուարդ Պօյաճեան «Կեանքի ափերէն» 1995
28.- Բաբգէն Վ. Զանոյեան «Արաբական գրականութիւնը եւ հայերը» 1996
29.- Գրիգոր Պըլտեան «Մարտ» 1997
30.- Աբրահամ Ալիքեան «Ֆարայա» 1998
31.- Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան «Պոլսահայ նոր բանաստեղծութիւնը» 1998
32.- Անդրանիկ Զէյթունեան «Գիրք Թուոց» 1998
Վարդան Մատթէոսեան «Կոստան Զարեանի շուրջ» 1998
33.- Վարանդ «Կրկներեւոյթ» 1998
34.- Apig Zorian «La Culture Arménienne: Son Passé, Son Avenir» 1998
35.- Յակոբ Օշական «Երկեր» 1998
36.- Իտա Ալէմէտտին «Փափա Քիւնցլեր եւ հայերը» 1999
37.- Փանոս Ճերանեան «Ի լուր…» 1999
38.- Jules Iskandar «La Nouvelle Cilicie. Les Armeniens du Liban Amine» 1999
39.- Արսէն Երկաթ «Բոյն պիտի դնեն հոն վայրի հաւքեր» 2000
40.- Սարգիս Սահակեան «Առաւօտ լուսոյ» 2000
41.- Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան «Օղակներէն մէկը կամ Վաղարշ Ա. թագաւոր» 2000
42.- Արա Ճուհարեան «Երկու» 2001
43.- Ազնիւ Քարալէքեան-Միքայէլեան «Յարանորոգ հոլովոյթ» 2001
44.- Zaven Messerlian «The Premeditated Nature of the Genocide Perpetrated on the Armenians» 2001
45.- Յակոբ Նալպանտ «Արուարձանի ձայնացօղեր» 2001
46.- Սուրէն Սանինեան «Մաքառում» 2001
47.- Archbishop Gorun Babian «The Relations Between the Armenian and Georgian Churches» 2001
48.- Վարդի Քէշիշեան «Հալէպի հայկական գաղթօճախի հասարակական-մշակութային կազմակերպութիւնները (1846-1915)» 2001
49.- Ներսէս Պարսումեան «Քալիլա ուա Տումնա կամ Պիտփայի առակագիրքը» 2001
50.- Իպրահիմ Ալ-Խալիլ «Անապատին կակաչները» 2002
51.- Օհան Կարօ «Խրճիթներէն մինչեւ խորհրդարան» 2002
52.- Մարուշ Երամեան «Մօր գոգնոցը» 2002
53.- Նուպար Չարխուտեան «Աստղերն ալ կը մեռնին» 2002
54.- Գրիգոր Գարակէօզեան «Հայկական առածանի» 2002
55.- Կոստան Զարեան «Նաւը լերան վրայ» 2002
56.- Apig Zorian «La Culture Arménienne Son Passé, Son Avenir (Tome II)» 2004
57.- Յակոբ Միքայէլեան «Քիթի մը օրագրէն» 2004
58.- Գէորգ Եազըճեան «Հայաստանի 1985-1991 թուականներու պարբերական մամուլը» 2004
59.- Պերճ Ֆազլեան «Վրաններ պողոտաներու վրայ» 2004
60.- Պէպօ Սիմոնեան «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» 2004
61.- Կարօ Աբրահամեան «Ժամանակակից իսթանպուլահայ գրողներ» 2004
62.- Խմբ. կազմ՝ Գէորգ Գանտահարեան, Պէպօ Սիմոնեան, Ժիրայր Դանիէլեան «Եղեռն եւ վերապրում» 2005
63.- Արամ Արման «Քերթուածներ» 2005
64.- Զօհրապ Գիրէջեան «Մեր տունը, մեր թաղը» 2006
65.- Արա Արծրունի «Ողջ՜ոյն… Պահածոյի տուփերը» 2006
66.- Յակոբ Սարգիսեան «Բողբոջին կայծը» 2006
67.- Վաչէ Ատրունի «Անաւարտ սկիզբ, Հնամաշ պայուսակը, Գամիշ 1936» 2007
68.- Խմբ.՝ Սարգիս Կիրակոսեան «Օրհներգութիւն մեծասքանչին» 2008
69.- Վազրիկ Բազիլ «Առօրեան» 2009
70.- Վարդան Մատթէոսեան «Գրական-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ» 2009
71.- Յակոբ Ադամեան «Պուպրիկներու հարսանիքը» 2009
72.- Շուշիկ Տասնապետեան «Կենաց ծառ» 2010
73.- Յակոբ Պալեան «Ինքնութիւն, որակ, մշակոյթ եւ վերականգնում» 2011
74.- Զաւէն Մսըրլեան «Հայոց ցեղասպանութենէ առաջ եւ ետք» 2011
75.- Խաչիկ Խաչեր «Իմ ճագատագրի ծովը» պատմուածքների ժողովածու, գիրք Գ, 2011
76.- Ալեքսան Պէրէճիքլեան «Արուեստի ուղիներով» 2011
77.- Պերճուհի Աւետեան «Բեմահարթակ» 2011
78.- Վարանդ «Կարօտի Նշխարներ» 2012
79.- Սոնա Զէյթլեան «Հայ Կնոջ Կեանքի Ուղիին Հետքերով» 2013
80.- Յակոբ Օշական «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» առաջին հատոր, 2015
81.- Յակոբ Օշական «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» երկրորդ հատոր, 2015
82.- Յակոբ Օշական «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» երրորդ հատոր, 2016
83.- Լալա Միսկարեան-Մինասեան «Սուրիական Օրագրութիւն», 2016
84.- Քեմալ Եալչըն «Վերապրողները», 2016
85.- Սարգիս Կիրակոսեան «Կարծես Երազ մը Ըլլար», 2016
86.- Յակոբ Օշական «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Չորրորդ հատոր, 2016
87.- Ներսէս Ա. Քհնյ. Ներսէսեան «Նախնական Եկեղեցու Մտքի եւ Զարգացման Պատմական պատկերը», 2016
88.- Ժիրայր-Վահէ Մալճեան «Անդրդուելին», 2016
89.- Յակոբ Օշական «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Հինգերորդ հատոր, 2017
90.- Գոհար Գեորգիի Աւագեան «Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ» (1943-1952), 2017
91.- Յակոբ Պալեան «Գաղտնասացութիւն Այգիիս մէջ», 2017
92.- Արա Արծրունի «… Allegoria…», 2017
93.- Յակոբ Օշական «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» վեցերորդ հատոր, 2017
94.- Վարանդ «Զինադրօշ», 2018
95.- Յակոբ Չոլաքեան «Գործնական Արեւմտահայերէն», 2018
96.- Լէօ Թոլսթոյ «Պատմուածքներ», 2018
97.- Արշակ Ա. Ալպօյաճեան «Անհետացող Դէմքեր. Գրիգոր Զօհրապ», 2018
98.- Յակոբ Մնձուրի «Մենք – Ընտիր Պատմուածքներ», 2018
99.- Գառնիկ Գալստեան «Ահազանգ», 2019
100.- Վաչէ Ատրունի «Ծերունին եւ Լեռը», 2020
101.- Մեսրոպ Հայունի «Բանասիրութեան ուղեւորը՝ Դոկտ. Հայր Ներսէս Վրդ. Ակինեան» 2020
102.- Ժիրայր Դանիէլեան «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանանահայ Գիրքը …» (Յաւելուած)» 2021
103.- Պերճուհի Աւետեան «Մատնահետքեր» 2021