Շուրջ երեք տասնամեակներու աւանդութիւն ունեցող Հայ Գիրքի տարեկան Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Կիրակի 18 Նոյեմբեր 2007-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնաբաշխ ձեռամբ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, Անթիլիաս։
Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներու թափօրը, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, ուղղուեցաւ դէպի Կաթողիկոսարանի թանգարանի շրջափակը, ուր զետեղուած հսկայ տաղաւարի մը ներքեւ կազմակերպուած էր ցուցահանդէսը։ Այս տարի եւս սոյն տաղաւարը սիրայօժար տրամադրուած էր Խաչատուրեան եղբայրներու կողմէ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, մտաւորականներ, ուսանողներ, մշակութասէրներ, Մայր Տաճարին մէջ Ս. պատարագին ներկայ եղող հոծ բազմութիւնը եւ թղթակիցներ։ Գեղարուեստական յայտագրով, Դպրեվանքի սաներ եւ Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկ աշակերտներ երգեր ներկայացուցին մշակութասէր հասարակութեան, հայ մշակոյթի փառքը հիւսելով:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցին լիբանանահայ եւ արտասահմանեան շարք մը հրատարակչատուներ, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներ, եւ Կաթողիկոսարանէն ներս գործող զանազան հրատարակչատուներ։
Բացման խօսքը կատարեց Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղ. Բենդէզեան, որ անդրադարձաւ Հայ Գիրքի ցուցահանդէսներու երկար այս շղթային, որ սկիզբ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ: Ապա, Հայր Սուրբը հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, տալու իր Հայրապետական պատգամը: Այս առիթով արտասանած իր պատգամով, Վեհափառ Հայրապետը Հայ Գիրքին հանդէպ մարդուն նախանձախնդրութեան ու անհրաժեշտ գուրգուրանքին վրայ շեշտ դրաւ: «Գիրքը պէտք է տանիլ կեանքին: Գիրքը իր ամբողջական ու վաւերական արժէքը կը ստանայ, երբ կեանքին մէջ մտնէ: Այլապէս գիրքը կը մնայ թուղթ ու մելան: Մարդկային կեանքին մէջ է գրքին առաքելութիւնը եւ արժէքը: Համաշխարհայնացած ներկայ դարը, պայմաններու բերումով մեզ կը հեռացնէ գիրքէն: Հետեւաբար յաւելեալ ճիգ պէտք է կատարել, գիրքը մնայուն ներկայութիւն դարձնելու մեր կեանքին մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ գնահատեց Հայ Գիրքին զօրավիգ կանգնող բոլոր կազմակերպութիւնները եւ անհատներ: Ան յատուկ կերպով յիշեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը, որ Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի իմաստուն ղեկավարութեամբ մեծ զարկ տուած է Հայ Մշակոյթի տարածման ի սփիւռս աշխարհի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ գործակցութեամբ, Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի աշխատանքը մեծ նուաճումներ արձանագրած է յատկապէս հայկական գաղութներու կրթական-ուսումնական, մշակութային ու դաստիարակչական, արուեստի ու շինարարութեան մարզերէն ներս: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ նման ծառայութիւն եւ իրագործում, մեր բոլորին բարձր գնահատանքին արժանի են:
Հայ Գիրքի 29-րդ ցուցահանդէսին առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ուրախութեամբ յայտնեց, թէ՝ Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած է նաեւ «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ը: Ան ըսաւ նաեւ, թէ սոյն հիմնադրամով, առաւելաբար հայ քաղաքական մտքի ու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման առնչուող գիրքեր լոյս պիտի ընծայուին:
Նոյն առիթով, Նորին Սրբութիւնը յայտարարեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ մեկենասութեամբ ազգային բարերար տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի, Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած է յատուկ գրասենեակ մը «Ի խնդիր Հայ Մամուլի Պահպանման» անունով, ուր Միջին Արեւելքի մէջ լոյս տեսած Հայկական Մամուլը համակարգչական խտասալիկներու ձեւին տակ պիտի պատրաստուի, անոր առնչուող ուսումնասիրութիւնները դիւրացնելու համար:
Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն ու ներկայացուած գեղարուեստական յայտագրէն ետք, ներկայ մշակութասէր ժողովուրդը մօտեցաւ սեղաններուն, որոնց վրայ ցուցադրուած էին հոգեւոր, եկեղեցագիտական, իմաստասիրական, գրական, մանկապատանեկան, գրադատական, գրականագիտական, երաժշտական ու մշակոյթի այլ բնագաւառները շօշափող հրատարակութիւններ։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 9 Դեկտեմբեր 2007, առաւօտեան ժամը 10-էն, երեկոյեան 7։