ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ Դ. ՀԱՏՈՐ (Գ.Մ.Գ.Մ. # 86)

$12.00$15.00

Description

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Դ. Հատորը, որուն մէջ ներառնուած են Հայ Գրականութեան իրապաշտ սերունդի գրողներ, Յ. Պարոնեան, Մ. Խրիմեան, Գ. Սրուանձտեանց, Խ. Նար-Պէյ, Մ. Չերազ, Եղիա Տ., Մ. Մամուրեան, Ծերենց եւ Ս. Տիւսաբ: Իւրաքանչիւր հեղինակ իր ոճով կրցած է իր ներքին յուզումներն ու սլացքը արտայայտել եւ հարստացնել Արեւմտահայ գրականութիւնը:

Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի Հրատարակութեան 86-րդ թիւն է «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Դ. Հատորը։ Վերահրատարակութեան խմբագիրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան աւագ անդամներէն Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան:

 

«Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ» – Թիւ 86
Անթիլիաս-Լիբանան 2016

 

Additional information

Weight N/A
Format

Hardcover (ԼԱԹ), Paperback (ԹՂԹ)