ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԺԱՌԱՆԳԵԼԻՔ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ “ՆԱՐԵԿ”Ը

$500.00

Description

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ լոյս տեսած ՆԱՐԵԿ-ի հնագոյն ձեռագրին նոյնութեամբ վերարտադրութիւնը արդէն իսկ մեր ժողովուրդին մատուցուեցաւ յատուկ շնորհահանդէսի ճամբով:
Մագաղաթեայ թերթերու վրայ 1173 թուականին Կիլիկիոյ մէջ գրուած այս հատորին կրկնօրինակները սահմանափակ թիւ կը կազմեն, -միայն 1000 օրինակ-: Գիրքին թաւշապատ կազմին երկու երեսներուն վրայ ամրացուած են արծաթի վրայ քանդակուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի բարձրաքանդակը, իսկ միւս երեսը հայկական գեղեցիկ խաչ մը:
Հատորին առաւել վեհութիւն կու տայ նաեւ այն գեղակերտ տուփը, որուն մէջ Անթիլիասի Մայր Տաճարին ու Կաթողիկոսարանի զինանշանին նրբակերտ պատկերները եւս մետաղի վրայ փորագրուած են:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, սոյն շքեղ հրատարակութեան հասոյթէն գոյացած գումարով իւրաքանչիւրը՝ $500 Ամ. Տոլար, զեղչուած գին հիմնադրամ պիտի հաստատուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին համար:
Հայ ընտանիքին սերունդէ սերունդ փոխանցելիք նուիրական այս հարստութիւնը ունի նաեւ յատուկ վաւերագիր, որուն մէջ զայն սեփականացնողն ու առաջին ժառանգողը իրենց խրատը պիտի արձանագրեն յաջորդ սերունդներուն:

Additional information

Weight 4300 g