ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 29-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  Շուրջ երեք տասնամեակներու աւանդութիւն ունեցող Հայ Գիրքի տարեկան Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Կիրակի 18 Նոյեմբեր 2007-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնաբաշխ ձեռամբ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, Անթիլիաս։             Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներու թափօրը, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, ուղղուեցաւ դէպի Կաթողիկոսարանի թանգարանի շրջափակը, ուր զետեղուած հսկայ տաղաւարի մը ներքեւ…