«ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ ՄԵՐ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՀԱՑՆ Է»
ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Երեք տասնամեակներու աւանդութիւն ունեցող Հայ Գիրքի տարեկան Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Կիրակի 30 Նոյեմբեր 2008-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, Անթիլիաս։
Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներու թափօրը, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, ուղղուեցաւ դէպի Կաթողիկոսարանի թանգարանի շրջափակը, ուր լրուած հսկայ տաղաւարի մը ներքեւ կազմակերպուած էր ցուցահանդէսը։ Անցնող տարիներու նման, սոյն տաղաւարը սիրայօժար տրամադրած էին Խաչատուրեան եղբայրները:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, մտաւորականներ, ուսանողներ, մշակութասէրներ, Մայր Տաճարին մէջ Ս. պատարագին ներկայ եղող հոծ բազմութիւնը եւ թղթակիցներ։ Գեղարուեստական յայտագրով, Դպրեվանքի սաներ եւ Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկ աշակերտներ երգեր ներկայացուցին մշակութասէր հասարակութեան, հայ մշակոյթի փառքը հիւսելով:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցին լիբանանահայ եւ արտասահմանեան շարք մը հրատարակչատուներ, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներ, եւ Կաթողիկոսարանէն ներս գործող զանազան հրատարակչատուներ։
Բացման խօսքը բանաստեղծ մտաւորական եւ Դպրեվանքի դասախօս Սարգիս Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ անցնող տասնամեակներուն կատարուած մշակութային առաքելութեան, հայ գիրքի հրատարակման ու տարածման բնագաւառէն ներս:
Այս առիթով արտասանած իր պատգամով, Վեհափառ Հայրապետը մեր մշակութային արժէքներուն, ու յատկապէս Հայ Գիրքին հանդէպ մեր ունենալիք նախանձախնդրութեան անդրադարձաւ: Նորին Սրբութիւնը աններելի որակեց նման մշակութային ձեռնարկներու պարագային հայ մարդուն բացակայութիւնը, զայն նկատելով հայութենէն ու իր արմատներէն հեռացման տխուր իրավիճակ: Համագաղութային բնոյթ ունեցող սոյն Ցուցահանդէսին տարուէ տարի արձանագրած յառաջդիմութիւնը գնահատեց Վեհափառ Հայրապետը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան անբաժան մասնիկ իբրեւ ներկայացնելով Սփիւռքի կեանքէն ներս հայ մշակոյթի անաղարտ պահպանումը: Նորին Սրբութիւնը յիշեց երջ. Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ սկսած Հայ Գիրքի Ցուցահանդէսը, զոր այնքան խանդավառութեամբ տարուէ տարի քաջալերեց ան: Նոյն աշխատանքի շղթային 30-րդ օղակը նկատեց Վեհափառը Հայ Գիրքի ցուցահանդէսը:
Անդրադառնալով հոգեմտաւոր մեր արժէքներուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Գիրքը նկատեց մեր հոգեմտաւոր հացը: Պատկերային ոճով ներկայացուց այն խիտ շարքերը որոնք թարմ հացի փուռերուն առջեւ կը խճողուէին, սակայն ան ըսաւ, որ այսօր մեր հոգեմտաւոր արժէքներու «փուռերուն» դիմաց սկսած են նօսրանալ շարքերը, սկսած են պակսիլ Հայ Գիրք ընթերցող ու Հայ Գիրքով տագնապող անձերը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ գնահատեց Հայ Գիրքին զօրավիգ կանգնող բոլոր կազմակերպութիւնները եւ անհատները: Երաշխիք տուաւ, որ Կիլիկեան Ս. Աթոռը նոյն նախանձախնդրութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, ո՛չ միայն Անթիլիասի մէջ, այլ մեր բոլոր թեմերէն ներս, տէր կանգնելով մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն ու հայրերու ժառանգութեան:
Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն ու ներկայացուած գեղարուեստական յայտագրէն ետք, ներկայ մշակութասէր ժողովուրդը մօտեցաւ սեղաններուն, որոնց վրայ ցուցադրուած էին հոգեւոր, եկեղեցագիտական, իմաստասիրական, գրական, մանկապատանեկան, գրադատական, գրականագիտական, երաժշտական ու մշակոյթի այլ բնագաւառները շօշափող հրատարակութիւններ։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 21 Դեկտեմբեր 2008, առաւօտեան ժամը 9-էն, երեկոյեան 7։