Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 36-րդ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Սրբոց Թարգմանիչ Վարդապետներու նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ զետեղուած յատուկ տաղաւարը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կատարեց Հայ Գիրքի 36-րդ ցուցահանդէսի բացումը: Աւանդութիւն դարձած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ Հայ Գիրքի ցուցահանդէսը ի մի կը բերէ Լիբանանի…