Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ 35-ՐԴ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Կիրակի 16 Մարտ 2014-ին, Սուրբ եւ Անմահ պատարագէն ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բացումը կատարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած հայ գիրքի 35-րդ համասփիւռքեան ցուցահանդէսին, հայ գիրքը բնութագրեց որպէս “հոգեմտաւոր սնունդի աղբիւր”։