ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 34ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ
«ՀԱՅ ԳԻ՛ՐՔԸ՝ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՓԱՌՔԸ, ՊԱՏԻՒՆ ՈՒ ՊԱՐՏՔՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 34–րդ ցուցահանդէսի բացումը կատարելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամը սկսաւ հետեւեալ բառերով.– «Ահա դա՛րձեալ հայ գիրքին դիմաց կը գտնուինք. դա՛րձեալ հայ գիրքը կը դառնայ մեր մտածման սեւեռակէտը, մեր մտահոգութեան առանցքը: Մեր կեանքի առօրեան…