ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 2012 ՏԱՐԻՆ «ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ» ՀՌՉԱԿԵՑ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ

  Կիրակի 13 Նոյեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերէ եւ Դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը յառաջացաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, Կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսին: Մայր Տաճարին մէջ ներկայ ժողովուրդը մօտեցաւ այն հսկայ տաղաւարին,…