ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԲՆՈՐՈՇԵՑ ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ ՈՐՊԷՍ ԴՊՐՈՑԸ ՀԱՅՈՒՆ, ԸՍԵԼՈՎ. «ԵԿԷՔ ԴԱՌՆԱՆՔ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ՝ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՈՍԿԻ ԳԱՆՁՆԱՐԱՆԻՆ. ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ ՏԱՐԲԵՐ ԲՈՅՐ ՈՒ ՀՐԱՊՈՅՐ ՈՒՆԻ»

  Հայ Մշակոյթի ամսուան վերջին օրը՝ Կիրակի 31Հոկտեմբեր 2010-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերէ եւ Դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը յառաջացաւ Կաթողիկոսարանի հիւսիս-արեւմտեան շրջափակը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, Կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 32-րդ ցուցահանդէսին: Մայր Տաճարին մէջ ներկայ…