30-ԱՄԵԱԿ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ
«ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ ՄԵՐ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՀԱՑՆ Է» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Երեք տասնամեակներու աւանդութիւն ունեցող Հայ Գիրքի տարեկան Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Կիրակի 30 Նոյեմբեր 2008-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, Անթիլիաս։ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներու թափօրը, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, ուղղուեցաւ դէպի Կաթողիկոսարանի թանգարանի շրջափակը,…