Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, «Որք Զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս հաստատուած յատուկ տաղաւարը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնապէս բացումը կատարեց Հայ Գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսին:
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հայ մշակոյթի պաշտպանութեան եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման սրբազան առաքելութիւնը՝ իր սրբազան յարկին տակ ի մի հաւաքելով հայ հրատարակչատուները, հեղինակներն ու մտաւորականները, դպրոցական ու համալսարանական աշակերտները եւ անհատ գրքասէրները, հեռանկար ունենալով մէկ նպատակ՝ պահել ու պահպանել հայ գիրն ու հայ մշակոյթը մեր սփիւռքեան դժուար պայմաններուն մէջ:
Բացման հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, գրքասէր հանրութիւն մը եւ մանաւանդ դպրոցական եւ դպրոցաւարտ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։
Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ առաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան եւ ըսաւ. «Ներկայ տարին, 350-ամեակն է Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան: Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի համահայկական այս 37-րդ ցուցահանդէսը կը նուիրենք Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին»:
Հայ Գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսի բացումը վերջ գտաւ, Դպրեվանքի սաներուն կողմէ, ազգային երգերու եւ հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ։ Ապա, ներկաները առիթը ունեցան քննելու եւ հաղորդակից դառնալու ներկայացուած գիրքերուն ու հայաբոյր հատորներուն։