«ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ՝ Ի ՍՊԱՍ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾՄԱՆ»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն ներս աւանդութիւն դարձած Հայ Գիրքի տարեկան Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Կիրակի 1 Նոյեմբեր 2009-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, Անթիլիաս։
Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներու թափօրը, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, ուղղուեցաւ դէպի Կաթողիկոսարանի թանգարանի շրջափակը, ուր լրուած հսկայ տաղաւարի մը ներքեւ կազմակերպուած էր ցուցահանդէսը։ Անցնող տարիներու նման, սոյն տաղաւարը սիրայօժար տրամադրած էին Խաչատուրեան եղբայրները:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, մտաւորականներ, ուսանողներ, մշակութասէրներ, Մայր Տաճարին մէջ Ս. պատարագին ներկայ եղող հոծ բազմութիւնը եւ թղթակիցներ։ Գեղարուեստական յայտագրով, տուտուկով ու սրինգով երգեր ներկայացուեցան մշակութասէր հասարակութեան, հայ մշակոյթի փառքը հիւսելով:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցին լիբանանահայ եւ արտասահմանեան շարք մը հրատարակչատուներ, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներ, եւ Կաթողիկոսարանէն ներս գործող բոլոր հրատարակչատուները։
Այս առիթով արտասանած իր պատգամով, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայ Գիրքին, հայ մարդուն կեանքէն ներս ունեցած առանցքային դերակատարութեան: Ան ըսաւ. «Հայ Գիրքը՝ ի սպաս հայ մշակութային արժէքներու կենսագործման: Հայ գիրքը ինքնակեդրոն, ինքնաբաւ ու ինքնանպատակ իրականութիւն մը չէ: Անոր նպատակն է մեր հոգեմտաւոր արժէքները, մեր մշակութային արժէքները տարածել, կենսագործել մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Առաքելութեան մը լծուած է հայ գիրքը, զայն գրողը, զայն տպողը, զայն սիրողը՝ ի սպաս հայ մշակոյթի տարածման: Մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան ամէնէն պերճախօս, ամէնէն շօշափելի ու վաւերական արտայայտութիւնն է: Անիկա ժողովուրդի ոգեղէն գոյութեան, մտքի յղացքներուն, հոգիի ճենճերումներուն, սրտի տրոփներուն, անոր ինքնաճանաչողութեան ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնն է: Մանաւանդ մեր ժողովուրդին համար, մշակոյթը աւանդութիւն, սովորութիւն ու կենցաղակերպ չէ եղած, այլ մեր ժողովուրդի հոգեկան արժէքներուն ու հոգիի ձգտումներուն հարազատ պատկերը եղած է անիկա: Հայ մշակոյթի ծիրէն ներս մեր հոգեմտաւոր արժէքները՝ գիրն ու գրականութիւնը իրենց կարեւոր տեղը ու դերը ունեցած են» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հայ լեզուի կարեւորութեան, եւ մերժեց այն պարտուողական տեսակէտը, թէ հայ լեզուն Սփիւռքի մէջ նահանջ մէջ է: Ան ցոյց տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կոչին ընդառաջած հարիւրաւոր սփիւռքահայ աշակերտներու գրութիւնները հայ լեզուի մասին, որոնք մէկ հատորի մէջ խմբելու խոստում տուած էր, անցնող տարուան գիրքերու ցուցահանդէսին օրը: Վեհափառ Հայրապետը քանի մը հատուածներ ընթերցելով նշեալ գիրքէն, հայ աշակերտին վառ ապրումներուն հաղորդ դարձուց ներկաները: Տողեր՝ ուր հայ աշակերտը իր զօրեղ կամքով իր սէրն ու հոգածութիւնը ցոյց կու տայ հանդէպ իր մայրենիին: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց մեր բոլոր վարժարաններու աշակերտները, Լիբանանէն մինչեւ Սուրիա, Եւրոպա ու Ամերիկաները, որոնք մասնակցած էին «Զհաց մեր հանապազորդ» այս գիրքի հրատարակութեան, իրենց մտածումները թուղթին յանձնելով ու Անթիլիասի Մայրավանքը ղրկելով:
Իր խօսքի վերջին բաժնով, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ Հայ Գիրքի Անթիլիասեան այս Ցուցահանդէսը յաջորդ տարիէն սկսեալ շատ աւելի ծաւալուն պիտի դառնայ, ընդգրկելով ամբողջ Սփիւռքի հրատարակչատուները եւ անհատները որոնք կը փափաքին մաս կազմել անոր:
Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ գնահատեց Հայ Գիրքին զօրավիգ կանգնող բոլոր կազմակերպութիւնները եւ անհատները: Երաշխիք տուաւ, որ Կիլիկեան Ս. Աթոռը նոյն նախանձախնդրութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, ո՛չ միայն Անթիլիասի մէջ, այլ մեր բոլոր թեմերէն ներս, տէր կանգնելով մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն ու հայրերու ժառանգութեան:
Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն ու ներկայացուած գեղարուեստական յայտագրէն ետք, ներկայ մշակութասէր ժողովուրդը մօտեցաւ սեղաններուն, որոնց վրայ ցուցադրուած էին հոգեւոր, եկեղեցագիտական, իմաստասիրական, գրական, մանկապատանեկան, գրադատական, գրականագիտական, երաժշտական ու մշակոյթի այլ բնագաւառները շօշափող հրատարակութիւններ։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 22 Նոյեմբեր 2009, առաւօտեան ժամը 10-էն, երեկոյեան 7։