Կիրակի 13 Նոյեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերէ եւ Դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը յառաջացաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, Կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսին:
Մայր Տաճարին մէջ ներկայ ժողովուրդը մօտեցաւ այն հսկայ տաղաւարին, որուն մէջ բացումը պիտի կատարուէր ցուցահանդէսին: Ներկայ մշակութասէր բազմութեան իր հայրապետական պատգամը փոխանցելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս վեր առաւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս հայ գիրքին դրական ներկայութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Նորին Սուրբ Օծութիւնը հայ գիրքին իսկական տեղը նկատեց հայ ընտանիքը, որ «կոչուած է պահապանն ու տարածիչը ըլլալու հայ գիրքին» ըսաւ ան: Արամ Ա. Կաթողիկոս լայնօրէն անդրադառնալով հայ ընտանիքին առողջ պահպան-ման, յիշեց թէ այլ առիթներով բազմիցս շեշտած է անոր կարեւորութիւնը մեր ազգի գոյատեւման իմաստով: Այսօր, սակայն, նշեց թէ հայ ընտանիքը եւս ունի կարեւոր դերակատարութիւնը հայ գիրքին նկատմամբ: Ան ըսաւ «հայ գիրքին տեղը հայ ընտանիքն է»:
Վեհափառ Հայրապետը խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հաստատուած հայ գիրքի ցուցահանդէսներու շղթային մասին, ըսաւ թէ անոր «33-րդը կու գայ հաստատելու մեր Ս. Աթոռին նախանձանխնդրութիւնը հայ գիրին ու գիրքին նկատմամբ: Սիրտս ուրախութեամբ կը լեցուի երբ կը լսեմ կամ կը տեսնեմ, երբ հայ ծնողներ իրենց զաւակներուն ձեռքէն բռնած Մայրավանք կու գան, ու հայ գիրք կ’առնեն: Կ’ուրախանամ երբ կը լսեմ կամ կը տեսնեմ, երբ հայ դպրոցներու աշակերտներ խմբովին այստեղ կու գան ու իրենց փոքրիկ լումաները տալով հայ գիրք կը գնեն, ու իրենց ծնողներուն կը տանին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:
Կարեւոր երեւոյթներէն մէկն ալ զոր Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին ճամբով շեշտեց, հայ տուներէն ներս գրադարան ունենալու երեւոյթն է: Ան մաղթեց որ ամէն տուն ունենայ իր գրադարանը, եւ նոյնիսկ երբ հայերէնի իմացումը կը գտնուի տկար աստիճանի վրայ «հայ գիրքը տեսնելով կշտանան անոնք» ըսաւ Վեհափառը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անցնող տասնամեակներու ու յատ-կապէս վերջին շրջանին ցուցաբերած բծախնդրութեան անդրադառնալով հայերէն լեզուի ու մանաւանդ արեւմտահայերէնի նկատմամբ, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ մի քանի ամիսներ առաջ այս առաջադրանքով տեղի ունեցած համագումարին իբրեւ բնական հետեւութիւն, որոշած է կազմել «Արեւմտահայերէնի պաշտպան Խորհուրդ» հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռին, ու մասնակցութեամբ սփիւռքահայ մասնագէտներու:
Ի վերջոյ, Արամ Ա. Կաթողիկոս նշելով թէ Եունեսքօն որոշած է 2012-ին հայ գիրքի քաղաք կոչել Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը, ըսաւ թէ Հայրապետական Գիրով 2012 տարին կը հռչակէ «Հայ Գիրքի Տարի»:
Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը բացուած յայտարարեց Հայ Գիրքի համասփիւռքեան ցուցահանդէսը: Ապա, ներկայ մշակութասէր բազմութիւնը մօտեցաւ հին թէ նոր հրատարակութիւններուն, որոնք սփիւռքի զանազան Թեմերու մէջ հրատարակուած հատորներ են, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներու լոյս ընծայած գիրքեր: