Հայ Մշակոյթի ամսուան վերջին օրը՝ Կիրակի 31Հոկտեմբեր 2010-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերէ եւ Դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը յառաջացաւ Կաթողիկոսարանի հիւսիս-արեւմտեան շրջափակը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, Կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 32-րդ ցուցահանդէսին:
Մայր Տաճարին մէջ ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդը հետեւելով թափօրին, մօտեցաւ այն հսկայ տաղաւարին, որուն մէջ բացումը պիտի կատարուէր ցուցահանդէսին: Ներկայ մշակութասէր բազմութեան իր հայրապետական պատգամը փոխանցելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս վեր առաւ հայութեան կեանքէն ներս հայ գիրքին ու դպրութեան կարեւորութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը քաջաբար մատնանշեց այն նորօրեայ ախտերը, որոնք պատճառ կը դառնան հայ մարդուն, հեռանալու հայ գիրքէն, ընթերցանութենէ եւ ընդհանրապէս մեր մշակութային արժէքներէն: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը նաեւ հայ լեզուին նահանջին մասին ցաւով արտայայտուեցաւ, կոչ ուղղելով բոլորին, մեր ինքնութիւնը պահպանող զօրեղ ազդակին տէր կանգնիլ. «Հայ լեզուն սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն: Հայ հոգեւորականը թէ մտաւորականը, հայ ուսուցիչը թէ աշակերտը, մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս այսօր մեր լեզուին ամբողջական ու խոր ճանաչումը չունին, ո՛չ ալ անհրաժեշտ նախանձախնդրութիւն ունին անոր նկատմամբ: Ապականեալ առուներ սկսած են հոսիլ հայ լեզուի աղբիւրին մէջ, երբ օտարի օտարացնող լեզուն սկսած է դառնալ տիրապետող ներկայութիւն մեր լեզուին մէջ, տուներէ՛ն թէ ակումբներէն, եւ նոյնիսկ հայ եկեղեցիէն ներս»:
Սփիւռքի հայրենազուրկ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանումին իբրեւ կռուան՝ հայ գի՛րքը ընտրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Վեհափառ Հայրապետին բերնով անգամ մը եւս ահազանգ հնչեցուց, դառնալու հայ գիրքին, փարելու անոր իբրեւ ամուր խարիսխ օտար ովկիաններու մէջ. «Եկէք դառնանք հայ գիրքին: Այո՛ հայ գիրքը դպրոց է իւրաքանչիւր հայուն, որովհետեւ հայ գիրք կարդալով, մենք կը բացուինք մեր պատմութեան մեծ իրագործումներուն: Այսօր մեր ժողովուրդի պատմութիւնը իր յաղթանակներով ու բոլոր իրագործումներով, սկսած է աղօտանալ մեր նոր սերունդի կեանքին մէջ: Մեր պատմութեան սուրբերը, մտքի ու իմացականութեան հսկաները, մեր հերոսները, մեր նահատակները սկսած են փոշիի մէջ թաղուիլ: Նոր երեւոյթներ ու «նոր հսկաներ» սկսած են մեր նոր սերունդի մտածողութեան ու կեանքին մէջ տեղ գրաւել: Որքա՜ն կարիքը ունինք հայ գիրքի պայծառակերպող ու հայացնող ներկայութեան: Որքա՜ն պահանջքը ունինք հայ գրքէն եկող մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն, մեր բարոյական սկզբունքներուն, որոնք սկսած են նահանջել մեր կեանքէն ներս: Ուստի պէտք է դառնանք հայ գիրքին, մեր պատմութեան ոսկի գանձարանին»:
Նորին Սրբութեան կարեւոր մատնանշումներէն եղաւ նաեւ, համաշխարհայնացման հետեւանքով մեր ժողովուրդի, ու յատկապէս երիտասարդութեան կեանքէն ներս թափանցած կարգ մը երեւոյթներ, որոնք մեզ կը հեռացնեն մեր մշակութային արժէքներէն. «Մեր ժողովուրդի արժէքները, սկսեալ մեր տուներէն, գրեթէ ամէն տեղ՝ մեր կառոյցներէն ու դպրոցներէն ներս իսկ սկսած են թուլնալ, գունաթափիլ ու նահանջել: Արհեստագիտութիւնը լայն կարելիութիւններ կÿընծայէ նոր սերունդին: Սակայն, այդ լայն դիւրութիւնները սկսած են որակն ու շունչը, ինչպէս նաեւ ստեղծագործական ոգին տկարացնել: Արհեստագիտութիւնը չի կրնար մեր ժողովուրդը իր արժէքներէն հեռացնել: Թուայնացման բոլոր տեսակի գործիքները չեն կրնար տեղը գրաւել գիրքին: Գիրքը տարբեր բոյր ու հրապոյր ունի: Գիրքը մեր բարեկամն է: Գիրքը մեր ընկերն է, մեր ընտանիքի ամէնէն սիրելին է: Դառնանք ու կառչինք հայ գիրքին»:
Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը պաշտօնական բացումը կատարեց Հայ Գիրքի համասփիւռքեան ցուցահանդէսին, կտրելով մուտքի ժապաւէնը: Ապա, ներկայ մշակութասէր բազմութիւնը տաղաւարէն ներս մտնելով մօտեցաւ հին թէ նոր հրատարակութիւններուն, որոնք սփիւռքի զանազան թեմերու մէջ հրատարակուած հատորներ են, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներու լոյս ընծայած գիրքեր: