Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, տեղի ունեցաւ հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը։
Յետ Ս. եւ Անմահ պատարագին, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ ցուցահանդէսին տաղաւարը։ Վեհափառ Հայրապետը տաղաւարի մուտքին դիմաւորուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին կողմէ եւ պաշտօնական բացումը կատարեց ցուցահանդէսին։
Իր պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ հայ գիրքը արժէք է հայ մարդուն համար, իսկ արժէքը նուիրական նշանակութիւն եւ իւրայատուկ կարեւորութիւն ունեցող բարոյական, իմացական եւ գեղարուեստական խորհրդանիշ մըն է, որ անհատի, կազմակերպութեան կամ ընկերութեան մը կեանքը կը ղեկավարէ եւ անոնց յաւերժութիւնը կ՚երաշխաւորէ։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ առանց արժէքներու կենսագործող առկայութեան, մարդկային կեանքը դատապարտուած է կորսնցնելու իր որակն ու խորքը, իւրայատկութիւնն ու ուղղութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ հայ գիրքը հաւաքական յիշողութեան գանձարան է, որովհետեւ հոն կ՚արտայայտուին հայուն կանչն ու տագնապը, երգն ու վէրքը. «Հոն ապրող ու ապրեցնող ներկայութիւն են մեր գերագոյն արժէքները՝ եկեղեցին ու Հայաստանը, մեր ազգն ու պատմութիւնը՝ իրենց անցեալով, ներկայով ու ապագայով»։ Ապա, թելադրեց հայ գիրքին մօտենալ երկիւղածութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, որովհետեւ հայ գիրքէն հեռանալ կը նշանակէ հեռանալ հայութենէ, ըսաւ Հայրապետը։
Աւարտին, Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ներկաներուն հրամցուց փունջ մը ազգային ու հոգեւոր երգեր։