«ՀԱՅ ԳԻ՛ՐՔԸ՝
ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՓԱՌՔԸ, ՊԱՏԻՒՆ ՈՒ ՊԱՐՏՔՆ Է»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 34–րդ ցուցահանդէսի բացումը կատարելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամը սկսաւ հետեւեալ բառերով.– «Ահա դա՛րձեալ հայ գիրքին դիմաց կը գտնուինք. դա՛րձեալ հայ գիրքը կը դառնայ մեր մտածման սեւեռակէտը, մեր մտահոգութեան առանցքը: Մեր կեանքի առօրեան այնքա՜ն խճողուած է յաճախ լուսանցքային արժէք ունեցող հարցերով ու երեւոյթներով, որ հայ գիրքը փաստօրէն դուրս է մնացած մեր կեանքի մայր էջէն: Մեր մտածումներն ու մտահոգութիւնները հայ գրքին նկատմամբ սկսած են դառնալ պատահական ու մակերեսային: Ա՛յս է դժբախտ իրականութիւնը Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ:
Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ահազանգը հնչեցնել…: Հայ գիրքը այսօր տագնապի մէջ է, որովհետեւ հայ մարդը սկսած է հեռու մնալ հայ գիրքէն, անոր ոգեշնչող, հարստացնող ու հայացնող ներկայութենէն:Հայ գիրքը տագնապի մէջ է, որովհետեւ սկսած է նահանջ արձանագրել թէ՛ իր որակէն եւ թէ քանակէն: Հայ գիրքը տագնապի մէջ է, որովհետեւ սկսած է որբանալ ու փոշիներու մէջ թաղուիլ: Հայ գիրքին տագնապը նաեւ մե՛ր տագնապն է, որովհետեւ՝
Առանց հայ գիրքին աղքա՛տ է մեր կեանքը.
Առանց հայ գիրքին անգոյն է մեր կեանքը…:»
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով պատմութեան ընթացքին հայ գիրքին ունեցած առանցքային ներկայութեան ու դերակատարութեան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, ըսաւ.– «մեր ժողովուրդի պատմութիւնը պերճախօս վկայութիւնն է այս ճշմարտութեան: Արդարեւ, Ոսկեդարէն մինչեւ Արծաթէ Դար, միջնադարէն մինչեւ վերազարթօնք, ցեղասպանութենէն մինչեւ Սփիւռք ու Հայաստանի վերանկախացումը – յիշելու համար կարեւոր հանգրուանները միայն մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան – մեր կեանքէն ներս հայ գիրքը մնաց տիրական ներկայութիւն իր առանցքային դերով: Հայ գիրքը ո՛չ միայն մեր կեանքը հոգեմտաւոր արժէքներով աւշաւորեց, այլ եղաւ մեր ինքնութեան ամուր վահաններէն մէկը պատմութեան մահասփիւռ ալիքներուն դիմաց»:
Վեհափառը յիշելով թէ այս տարի նաեւ Երեւանը Գիրքի Մայրաքաղաք հռչակուած է Եունեսքոյի կողմէ, եւ միաժամանակ 500–ամեակն է հայ գիրքի տպագրութեան, ըսաւ.– «ներկայ տարուան ընթացքին համազգային մաշտապով ՓԱՌՔԸ հիւսեցինք հայ գիրքին՝ հանդէսներ ծրագրելով, հրատարկութիւններ կատարելով, կոթողներ բարձրացնելով, համագումարներ կազմակերպելով: Այլ խօսքով՝ բարձրագոյն աստիճանի վրայ արժանի յարգանքը ընծայեցինք հայ գիրքին, անգամ մը եւս յիշեցնելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն թէ՝ հայ գիրքը հայութեամբ կը շնչէ ու հայու հարազատ արժէքներով հայ մարդը կը շնչաւորէ: Հայ գիրքը հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները իրար կը միացնէ՝ նո՛յն հոգեւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու, աւանդութիւններու ու ձգտումներու շուրջ: Հայ գիրքը ոսկեկամուրջ մը կը նետէ մեր ներկային ու անցեալին միջեւ ու մեզ կ’առաջնորդէ դէպի լուսեղէն ապագայ:
Արդ, մեր կեանքէն ներս սովորական ներկայութիւն մը չէ հայ գիրքը մեր սեղաններն ու գրադարանները զարդարող: Հայ գիրքին ճամբով մեր պատմութեան մեծերը մեզի հետ կը խօսին ու ցոյց կու տան հայութեան ճշմարիտ ճամբան: Հայ գիրքին ճամբով մեր պատմութեան կարեւոր դէպքերը կեանք կ’առնեն ու մեզ կը զինեն հոգեւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներուն ու իտէալներուն կառչած մնալու ու նո՛յնիսկ անոնց յաւերժութեան համար պայքարելու հաւատքով ու կամքով»:
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ գիրքի ետին գտնուող հայ գրողին ու ըսաւ.– «հայ գիրքը ինքնագոյ ու ինքնանպատակ իրականութիւն մը չէ: Ան ծնունդ է հաւատքի, երկունքի, թռիչքի ու նուիրումի: Այլ խօսքով, հայ գիրքին ետին կը գտնուի հաւատք, տագնապ ու տեսիլք ունեցող մարդեր: Նայեցէ՛ք մեր պատմութեան: Միթէ նոյն հաւատքէն ու տեսիլքէն մղում չառա՞ւ Մեսրոպ Մաշտոցի Ա.Բ.Գ.–ի գիւտը: Միթէ նոյն հաւատքէն ու տեսիլքէն չառաջնորդուեցա՞ն մեր բոլոր ժամանակներու մեր մատենագիրները, մտաւորականներն ու գրողները: Անոնք հաւատքո՛վ ու յանձնառութեամբ իրենց մտածումներն ու տեսակէտները, մտահոգութիւններն ու սպասումները փոխանցեցին գալիք սերունդներուն՝ ի խնդիր մեր «փոքր ածու»ի զօրեղ պահպանման ժամանակին ու միջոցին մէջ: Հայ գիրքը մեր Պատմահօր բառերով՝ մեր ժողովուրդի «արութեան գործերուն» մաս կը կազմէ. հաւատքով ու տեսիլքով զսպանակուած այն «արութեան գործերուն», որոնք մեր ժողովուրդի անմահութեան ճամբան հունաւորեցին: Հետեւաբար, այսօր, երբ հայ ժողովուրդի անմահութեան ճանապարհին փարոսներէն մին դարձած հայ գրքին փառքը կը հիւսենք, միաժամանակ պէտք է ըսենք՝ ՊԱՏԻ՜Ւ բոլոր անոնց, որոնք հայ գիրք գրեցին, հայ գիրք տպեցին ու տարածեցին նոյնիսկ մեր կեանքի ամենէն դժխեմ պայմաններուն մէջ»
:
Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ գիրքի մեկենասներուն, հրատարակիչներուն ու հիմնադրամներուն, ընդգծելով միաժամանակ Անթիլիասի Կաթողիկոսւթեան կատարած հրատարակչական դերը: Իր պատգգամի վերջին բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.– «ի՜նչ կ’արժէ միայն գիրք գրել ու տպել առանց զայն սեփականութիւնը դարձնելու ժողովուրդին: Հայ գիրքին փառքը հիւսել եւ հայ գիրք գրողին ու տպողին պատիւ ընծայել, կը նշանակէ միաժամանակ յիշեցնել թէ՝ հայ գիրք կարդալը ու տարածելը իւրաքանչիւր հայու նուիրական ՊԱ՛ՐՏՔՆ է: Հայ գիրքին մասին խօսելով, յաճախ յիշեցուցած ենք, թէ հայ գիրքը կը գրուի ու կը տպուի, որպէսզի անոր ճամբով մեր հոգեմտաւոր արժէքները, մեր ազգին անցեալի ու ներկայի կեանքին առնչուած տագնապներն ու մարտահրաւէրները եւ մեր ապագայի յոյսերն ու երազները փոխանցուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Արդ, հայ գիրքը տպել, երբ ան պէտք է բացուի հայ մարդուն առջեւ: Հայ մարդը պէտք է իր աչքերը միշտ յառած պահէ հայ գրքին, զայն դարձնելով իր հայօրէն կազմաւորման դարբնոցը, իր ինքնութեան բիւրեղացման աղբիւրը, իր տագնապներուն բալասանը, իր փնտռտուքներուն շտեմարանը: Հայ գիրքը է՛ եւ մի՛շտ պիտի մնայ բոլոր ժամանակներու բոլոր սերունդներուն համար մարդակերտումի ու հայակերտումի դպրոց: Ներկայ տեղեկատուութեան արհեստագիտութիւնը իր հրապուրիչ գիւտերով որքան ալ փորձէ մեզ հեռու պահել հայ գիրքէն, հայ մարդը իր գերագոյն ճիգը պէտք է կատարէ հաւտարիմ մնալու հայ գրքին, իր կեանքի մտերիմ ընկերոջ», իր պատգամը եզրափակեց Վեհափառ Հայրապետը:
Նշենք, թէ հայ գիրքի ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին, միաբան հայրեր, Դպրեվանքի ուսանողները եւ հոծ թիւով գրասէր հասարակութիւն մը: Այս առիթով, Դպրեվանքի սաները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ յաւուր պատշաճի երգերով: Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք, ներկաները հետաքրքրութեամբ մօտեցան սեղաններուն ու վայելեցին գրքերու մտերմութիւնը: